​​​​​​​

«Արեւելք»ին յղուած տեսանիւթով մը պարզ կը դառնայ, որ այսօր Տիարպէքիր-Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը շաբաթ մը առաջ Թուրքիան ցնցած երկրաշարժին հետեւանքով մահացած տաղանդաւոր երգչուհի՝ Զիլան Տիգրիսի։

 Նշենք նաեւ, որ թաղման արարողութեան ներկայ եղած են երգչուհիի մտերիմները, որոնք  անոր սիրած «Սարերի հովին մեռնեմ» երգի ռիթմինա տակ հողին յանձնած են ողբացեալ Զիլանը։

 Սգակիրներուն մէջ եղած է Տիգրանակերտցի մէկ այլ տաղանդաւոր հայորդի՝ Ուտի Երուանդը, որ յայտնած է, թէ այդ երգը Զիլանին համար շատ սիրելի երգ մըն էր։

Զիլանի մահով Տիգրանակերտի անմահ հայութեան տերեւ մը եւս կ՚իյնայ խոր սուգի մատնելով զինք ճանչցողներն ու հարազատները։

 

2088